Ազատութեան հրաշալի մեքենաները

3,570 AMD

2 in stock

Description

Աշխարհի միւս ծայրէն՝ Աւստրալիոյ երկինքէն հոս կը հասնին Ազատութեան հրաշալի մեքենաները, որ մանկական մրցանակակիր գիրքերու հեղինակ Քիրլի Սաունտըրսի ու մրցանակակիր նկարիչ Մէթ Օթլիի հոյակապ նկարները ի մի բերող յոյսով լեցուն եւ ներշնչող պատմութիւն մըն է։ Ան կը պատմէ մանուկի մը պայքարը՝ ստեղծելու իր ազատութեան մեքենան, յամառութիւնը եւ անափ երջանկութիւնը, զոր կ՚ապրի ան իր մեքենայով նոր աշխարհներ յայտաբերելու շնորհիւ։ Երեւակայեցէք փոքր «բան» մը արտադրել, երբ մանուկ էք. բանի մը նման իսկ չըլլայ՝ ըլլա՛յ ձերը։ Չգիտնաք նոյնիսկ թէ ի՛նչ պիտի ընէք այդ «բանով», սակայն միշտ ըլլայ ձեզի հետ, ըլլայ անհաւատալի ուղեկից մը, ներշնչումի անսպառ աղբիւր մը, որուն հետ պիտի ընթանաք արկածէ արկած։ Մեքենայ մը, որ երբեմն աննպաստ եղանակէն ազդուի իսկ, ձեզ երբեք կէս ճամբուն պիտի չձգէ եւ պիտի առաջնորդէ հեռաւոր աշխարհներ… Մեքենայ մը, որու հետ կը սաւառնիք երկինքին վրայ եւ որու հետ կը յայտնաբերէք ընդծովեայ աշխարհը… Նոյնիսկ, այս բոլորը ան կարելի կը դարձնէ առանց ձեզ ձեր տեղէն իսկ շարժելու։ Ահա ձեր ձեռքին ունիք գիրք մը, որ ողջ աշխարհը եւ աւելին ձեր ոտքերուն առջեւ փռող այդ բանին մասին է։ Եւ իրականութեան մէջ անիկա ինքն է, այսինքն գիրքի մը մասին է։ Բոլոր անոնց, որոնք ազատութեան երազով կը փնտռեն իրենց մեքենան եւ անոնց, որոնք վաղուց գտած են զայն։

 

Տարիքային խումբ` 3+

Additional information

Cover

Paperback

Language

Western Armenian

ISBN

9786050688115

Reviews

There are no reviews yet.

Be the first to review “Ազատութեան հրաշալի մեքենաները”

Your email address will not be published. Required fields are marked *