Description
Մարօճան տեսաւ գառնուկ մը ու հարցուց ինքն իրեն. «Եթէ ես ալ գառնուկի մը պէս բրդոտ ըլլայի՝ ինչպէ՞ս կը փոխուէր կեանքը»։ Ձմրան թէեւ հաստ հագուստներու պէտք չէր ունենար, բայց ամրան կը քրտնէր։ Այո՛, թերեւս հաճելի ըլլար ընկերներու հետ խաղալը, բայց աղտոտելէ ետք չարչարանքի պիտի վերածուէր լոգնալը։ Տեսնենք, Մարօճան ի՞նչ պիտի ընէ իր բուրդերով։ Իսկ դուք ի՞նչ պիտի ընէիք, եթէ գառնուկի մը պէս բրդոտ ըլլայիք։
Reviews
There are no reviews yet.